2015-07-12 10:36:00

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հեռագիրը Եգիպտոսի նախագահին


(Ռատիօ Վատիկան) Ձերին վսեմութիւն տիար Abdel Fatteh Al Sisi, նախագահ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան.

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեծ մտահոգութեամբ իմացաւ  (շաբաթ 11 Յուլիս 2015) Գահիրէի մէջ Իտալական հիւպատոսարանի դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին լուրը, որուն այսօր ինչպէս եւ նախորդ օրերուն կատարուած մահափորձերուն եղած են մարդկային զոհեր։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խստիւ կը դատապարտէ նման արարքներ, որոնք վերջերս արիւնեցին Եգիպտոսը։ Կոչ կ’ուղղէ քաղաքական ու կրօնական ներկայացուցիչներուն՝ միացնել իրենց ոյժերն ու ջանքը՝ դատապարտելու ու վճռակամօրէն պայքարելու ահաբեկչութեան պատուհասին դէմ ու աշխատիլ երկրին ներդաշնակութեան ու զօրակցութեան ի խնդիր։ Սրբազան Քահանայապետը իր ջերմ կարեկցութիւնը կը յայտնէ զոհերու պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան այս կոյր բռնարարքներուն, երաշխաւորելով իր աղօթքը։ Ի նշան իր ցաւակցութեան՝ աստուածային առատ օրհնութիւնները կը հայցէ Եգիպտոսի համայն ժողովուրդին։

Կարդինալ Բիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար








All the contents on this site are copyrighted ©.